2015-01-21 10:46:32

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կոչը` Նիճերի համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 21 յունուարի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ մը ուղղեց, վերջին օրերուն Նիճերի մէջ պատահած բախումներու դադարեցումին ի սպաս, խնդրելով նաեւ աղօթել այդ բախումներու զոհերուն եւ խաղաղութեան համար։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, այժմ կ՛ուզեմ ձեզ հրաւիրել միասնաբար աղօթելու, վերջին օրերուն սիրեցեալ Նիճերի մէջ տեղի ունեցող բախումներու զոհերուն համար։ Հայցենք Աստուծմէ հաշտութեան ու խաղաղութեան պարգեւը որպէսզի կրօնական զգացումը երբեք չդառնայ առիթ բռնութեան, ճնշումի եւ կործանումի։
Կը մաղթեմ որ ժամ մը առաջ վերահաստատուի իրարու յարգանքի ու խաղաղ համակեցութեան մթնոլորտը, բոլորին բարիքին ի սպաս – ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները միասնաբար աղօթել ''Ողջոյն Քեզ Մարիամ'' աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.